2014-10-08 12:16:02

2015-ը` Անձինք Նուիրեալներու տարի. ''Նուիրեալ կեանքը այսօրուայ Եկեղեցւոյ մէջ` Աւետարան, Մարգարէութիւն, Յոյս'' խորհրդանշանի ներկայացում։


(Ռ.Վ. 08 հոկտեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 2015 տարին հռչակած է ''Անձինք Նուիրեալներու'' տարի։ Այս առթիւ ներկայացուած խոհրդանշանի վրայ պատկերացուած է աղաւնի մը որուն մէկ թեւին վրայ կը տեսնուի բազմազան ժողովուրդներու ու մշակոյթներու պատկերը, մինչ կը կենայ ջուրերու վրայ, որմէ կը բարձրանան երեք աստղեր, պաշտպանուած երկրորդ թեւէն։
Խորհրդանշանը կը ցոլացնէ նուիրեալ կեանքի հիմնական արժէքները։ Անիկա կը պատկերացնէ Ս. Հոգւոյն մշտատեւ ներգործութիւնը, որ դարերու հոլովոյթին կը տարածէ ու կը սփռէ աւետարանական խորհուրդներու հարստութիւնը, բազմաթիւ խարիզմներու միջոցաւ եւ որոնց շնորհիւ Քրիստոսի խորհուրդը մշտաբուխ ներկայ է Եկեղեցւոյ ու աշխարհին մէջ։
Խորհրդանշանին մէջ ի յայտ կու գայ ''խաղաղութիւն'' արաբերէն գրութիւնը որ հրաւէր մըն է կրօնաւորական կոչումին, ըլլալու օրինակ ու տիպար ընդհանրական հաշտութեան Քրիստոսի մէջ։
Կրօնաւորական ու առաքելական կեանքի քահանայապետական ժողովը Խորհրդանշանի ստեղծագործութիւնը յանձնած էր գծագրիչ Գարմելա Բոգազիլէիէն։









All the contents on this site are copyrighted ©.